2016-12-30 08:48:00

Կենարար ու հաստատ հաւատքով` Արհ. Յովհաննէս եպիսկ. Թէյրուզեանի Ամանորի պատգամը։


Ամանորի այս ուրախ սեմին, հրճուինք ու ըլլանք լաւատես: Քրիստոս,  Բեթղեհէմի  մանուկը,  ամէն  անգամ կը ծնի մեր տխեղծ սրտերուն մէջ, հարստացնելու եւ  սրբացնելու  համար  զանոնք  ու  ապահովելու յաւիտենական  երանութիւնը:  Կը  շնորհէ մեզի տարի  մը  եւս  որպէսզի  ջանանք  միշտ  Իրեն «նմանիլ,  սիրասուն  զաւակներու  պէս:  'Ապրինք' սիրով,  Քրիստոսի  օրինակին  համաձայն,  որ  մեզ սիրեց  եւ  Ինքզինք  զոհեց  մեզի  համար.  Ինքզինք նուիրեց Աստուծոյ, իբրեւ զոհ՝ անոյշ հոտի» (Եփս. 5, 1-2):

Արդարեւ,  Սուրբ  Մկրտութեան  Խորհուրդով ստանձնեցինք  առաքելութիւն  մը.  Պատրաստել այն  Ճանապարհը,  որ  կ’առաջնորդէ  Քրիստոսի գթառատ  սրտին  ու  ընկերանալ մարդկութեան դէպի երկինքի Արքայութիւնը, ուր Աստուած «պիտի բնակի  անոնց  հետ. անոնք  պիտի  դառնան  Անոր ժողովուրդը  եւ  Ինք՝  Աստուածն  է  անոնց:  Պիտի սրբէ ամէն արցունք անոնց աչքերէն եւ այլեւս չկայ ո՛չ մահ, ո՛չ սուգ, ո՛չ աղաղակ, ո՛չ ցաւ...» (Յայտ. 21, 3-4):

Իւրաքանչիւր  քրիստոնեայ  առաքելութիւն  մը ունի. ջանալ մեր  Փրկիչին  օրինակին  նման,  մեր քրիստոնէական  կեանքը  եւ  Նոր  Տարին  դարձնել առաքելանուէր,  փոյթեռանդ,  ուրախ,  լաւատես  եւ յոյսով առլցուն:

Ներկայ դարուս,  Միջին  Արեւելքի  եւ  այլ  եր-կիրներու  հալածանքները,  ընկերային  երերում-ներն  ու  բարոյականութեան  նահանջը, որոնք  մեզ կը  հետապնդեն  ու  կը  մտահոգեն նոր  սերունդը, խորհրդածել կու տան մեզի: Իրօք,

Մանուկները  լքուած  են  ընկերային  կեանքի իրենց առօրեայ որոնումներուն.

Երիտասարդութիւնը զոհ է դարձած երէցներու անտարբերութեան  եւ  ապագայի  անապահովու-թեան.

Չափահասները կը տարուբերին ի տես քաղաքական պատասխանատուներու անփութութեան.

Եկեղեցին  կը  սասանի  ներքին  ու  արտաքին սատանայական հարուածումներէ.

Ընտանիքի սրբութիւնը, միութիւնը, անլուծանե-լիութիւնը ու առաքելութիւնն անգամ ենթարկուած են այլասերումի. ընտանիքը՝ որ մարդկութեան եւ Եկեղեցիին ողնասիւնը կը կազմէ:

Նկատի առնենք, նաեւ, Նոր Տարուայ արտաքին պաճուճանքի շռայլութիւնն ու աշխարհիկ խրախճանքները,  որոնք  օրէ  օր  աւելի  կը  նսեմացնեն Ծննդեան տօնին խորհրդականութիւնն ու իմաստը ժամանակին:

Ի  տես  այս  մռայլ  իրողութեան,  Բեթղեհէմի նորածինը մեզ կը հրաւիրէ չվախնալու, այլ՝ ըլլալու աչալուրջ,  գործօն, ճարտարամիտ  ու  հնարիմաց, որովհետեւ մսուրի Մանուկը ամենակարող է:

Բեթղեհէմի  Մանուկը,  որ  կը  ծնի  յարատեւ Տապանակին  մէջ, մեզ  կը  հրաւիրէ, 2017-ին, ըլլալու  ընտանիքներէն,  հաստատութիւններէն եւ ընկերութենէն  ներս,  կենարար  ու  հաստատ  հաւատքով, Իր  ուրախութեան  եւ  խաղաղութեան առաքեալները:

Այս Նոր Տարուայ ընթացքին, մեզ կը խրախուսէ քրիստոնէական  հայեացքով  ընկալելու  կենսո-լորտի  հարցականները, որպէսզի  կենսոլորտը դառնայ  աստուածային  ճարտարապետին  յաղ-թական յայտնութիւնը աւետող երգը:

2017-ին, մեզի  կը  թելադրէ  քրիսոտոնէական հոգին վերստին դարձնելու Ծննդեան տօնակատա-րութիւններուն եւ փոխանցելու Փրկիչին գալուստը աւետող Հրեշտակներուն բերկրութիւնը:

Բեթղեհէմի  մանուկը,  որ  կը  ծնի  յարատեւ Ս.  խորաններուն  վրայ,  մեզ  կը  հրաւիրէ  քրիս-տոնէական  ոգիով  պարուրելու  պլպլացող  արտաքին  լոյսերը,  որպէսզի  նիւթականացած  ու անհատականացած  ներկայ  ընկերութեան  մէջ, մեզ  առաջնորդեն  դէպի  Քրիստոս՝ «Լոյսի  աղբիւ-րին, որ  կը  փայլի  խաւարին  մէջ». դէպի  աղբիւրը՝ երջանկութեան, ուրախութեան, վսեմին ու ինքնանուիրումին:

Մենք  Հայերս, աւելի  քան  երբեք  չվախնանք թիավարել  ընդդէմ  հոսանքներուն,  որովհետեւ Բեթղեհէմի Նորածինը իր պարզութեամբ նուաճեց աշխարհի  ամբարտաւանութիւնը, Իր  խոնարհու-թեամբ՝  մարդկութեան  հպարտութիւնը,  ինքնա-նուիրումով՝  մարդոց  եսասիրութիւնը,  ուրախու-թեամբ՝  տխրութիւնը  եւ  բարեկամութեամբ՝ թշնամութիւնը:

«Քրիստոս  ի  մէջ  մեր  յայտնեցաւ,  որ  Էնն Աստուած աստ բազմեցաւ:

Խաղաղութեան  ձայն  հնչեցաւ,  սուրբ  ողջունի հրաման տուաւ:

Եկեղեցիս  մի  անձն  եղեւ.  համբոյրս  յօդ  լրման տուաւ:

Թշնամութիւնն  հեռացաւ.  սէրն  ընդհանուրս սփռեցաւ»:

Սիրելի  հաւատացեալներ,  հայրեր,  մայրեր ու  զաւակներ,  մինչ  կ’աւարտեմ  սոյն  խորհրդա-ծութիւնները,  հոգիով  կը  միանամ  ձեզի  Ամանորի այս սեմին ու սրտանց կը մաղթեմ, որ 2017 Տարին ըլլայ  դեռ  աւելի  երջանկաբեր,  կերտելու  նոր վաղորդայններ՝   միշտ  կենարար  ու  հաստատ հաւատքով:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ  ՆՈՐ   ՏԱՐԻ

Հայր Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան, Եպիսկոպոս








All the contents on this site are copyrighted ©.